Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ 2022-ի ամրան պիտի հեռանայ իր ակումբէն` Ռէալ Մատրիտէն, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 32 տարեկան ֆութպոլիստը առաջարկներ ունի անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-էն եւ ամերիկեան «Մէյճըր Լիկ»-էն:
Նշենք, որ ան այս ամրան ընթացքին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») ընթացիկ տարեշրջանին, ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է չորս մրցումի եւ նշանակած կոլ մը:
Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 5 միլիոն եւրոյով:


