Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` Շաբաթ, 19 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` իրեն մրցակից ունենալով Սիպլին Ռիատին:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերու համար իրենց կազմը, որ 12 տարի ետք, դարձեալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի Նահանգ) Բ. հանգրուանի մրցումներուն:
Ութ խումբերէն (որոնք մաս կը կազմեն մէկ խմբակի) երեքը կ’անցնին աւարտական հանգրուան` մրցելու համար Լիբանանի բոլոր նահանգներու խումբերուն դէմ (ընդամէնը` 10 խումբ):
Բոլոր նահանգներու խումբերուն միջեւ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներէն ետք, չորս խումբեր կը բարձրանան Գ. դասակարգ:


