Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռիատի 1875 խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
Համակիրներուն համար տրամադրուած է փոխադրակառք, որ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուի մրցումին կայացման վայրը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:


