«ՍքայՊոլ» ընկերութեան օդաչու Նայիրի Բարսեղեան իր ռուս գործընկերոջ` Սերկէյ Պաժեյովի հետ 16 փետրուարին օդապարիկով իրականացուց մրցանշային թռիչք:
Անոնց օդապարիկի թռիչքին տեւողութիւնը եղաւ 34 ժամ եւ 41 վայրկեան, ինչ որ կը նկատուի ամէնէն երկար թռիչքը::
Նախկին մրցանիշն էր 32 ժամ եւ 12 վայրկեան:
Օդապարիկի թռիչքին մեկնարկը եղաւ ռուսական Օրենպուրկ շրջանէն:


