Պարսելոնային մաս կազմող նետերլանտցի յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմին յաջորդ քանի մը մրցումին, այս մասին յայտնեց սպանական «Մարքա»-ն:
27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած մկանային վնասուածքէն, նախորդ 12 յունուարէն ի վեր չէ տեսնուած ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:
Ընթացիկ տարեշրջանին, ան քաթալոնական կազմին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 23 մրցումի` նշանակելով 8 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:


