Նախորդ շաբաթավերջին Քամերունի մէջ իր աւարտին հասաւ Ափրիկեան ֆութպոլի ազգերու բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Եգիպտոսի եւ Սենեկալի միջեւ:
Իր պատմութեան մէջ Սենեկալ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` փենալթիներով (4-2) յաղթելէ ետք Եգիպտոսին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սատիօ Մանէ, որ մաս կը կազմէ անգլիական Լիվըրփուլին, ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը:
Ան 5 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Իսկ մրցաշարքին լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ քամերունցի Վենսան Ապուպաքար, որ նշանակեց 8 կոլ:
Նշենք, որ Սենեկալի նախագահ Մաքքի Սալի որոշումով, երէկ` երկուշաբթի, 7 փետրուարին, երկրին մէջ Հանգստեան տօն հռչակուած էր այս ուրախ առիթով:


