Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-«ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.» մրցումը:
Այս մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը 18 կէտով` երկու կէտով գերազանցելով նոյնինքն «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած է փոխադրամիջոց, որ երեկոյեան ժամը 19:00-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուի Մար Ռուքոզ:


