Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՈՐԻԶՈՆ»-Ը ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ 24-25 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

February 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակը 24-25 փետրուար 2012-ին պիտի ներկայացնէ «Խեցիներ» թատերգութիւնը, որուն հեղինակ-բեմադրիչն է Վարդան Մկրտիչեան: Ներկայացման երկու դերասաններն են Դալար Խաչատուրեան եւ Հրակ Փափազեան:

Ներկայացման պատրաստութեան աշխատանքներուն ծանօթանալու համար, «Ազդակ»-ի թղթակիցը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հեղինակ-բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի եւ «Հորիզոն»-ի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յակոբ Լատոյեանի հետ:

Թատրոնը կը ներկայացնէ թմրամոլ մը, որ ընկերութեան կողմէ ընդունուած չէ, որովհետեւ ունի տարբեր ապրելակերպ եւ վարուելակերպ, մինչ աղջիկը անցեալին կորսնցուցած է իր հարազատը, որ թմրամոլ մըն էր, եւ այդ պատճառով ուզած է ըլլալ ընկերային ծառայող, որպէսզի ուրիշներ իր ապրած տառապանքները չապրին:

Այս գծով Վարդան Մկրտիչեան ըսաւ, որ ներկայացումը այս երկու կերպարներուն բախումն է, որ կ’աւարտի ընկերութեան հաստատումով: Իսկ «Խեցիներ» անունին գծով Մկրտիչեան յայտնեց, որ խեցիներն ալ ծովէն` հասարակութենէն դուրս կը մնան, միջուկները կը պարպուին եւ դուրս կը շպրտուին, ինչպէս թմրամոլները:

Վ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ ութ ամիսէ ի վեր ներկայացումին պատրաստութեան աշխատանքները սկսած են, մինչ բեմական աշխատանքները սկսած են անցնող տարուան հոկտեմբերին: Մկրտիչեան աւելցուց, որ ներկայացումը 45 վայրկեան տեւողութիւն ունի, որուն մէջ նաեւ տեղ գտած են թմրամոլին եւ աղջկան անցեալը նկարագրող տեսերիզներ: Մկրտիչեան նկատել տուաւ. «Թմրեցուցիչը այդ աղտոտ տարրն է, որ մարդէն կը խլէ բնութեան օժտած բոլոր լաւ բաները»:

Իր կարգին, Յակոբ Լատոյեան նշեց, որ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակը տարեկան իր նախազգուշական ծրագիրներուն կողքին այս տարի ուզեց տարբեր ձեւով իրականացնել նախազգուշացումը, որ արդէն իրականութիւն պիտի դառնայ այս ներկայացումներով: Լատոյեան շեշտեց, որ թատրոնը երիտասարդութեան մօտ յոռի երեւոյթները ներկայացնող եւ զգուշացնող լաւագոյն միջոցներէն մէկն է:

Յայտնենք, որ «Խեցիներ»-ու առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 24 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` աշակերտական, իսկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին` ժողովրդային: Յաջորդ օրը` յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին` միութիւններուն, իսկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին` վերստին ժողովրդային: Աւելցնենք, որ այս ներկայացումներուն մուտքը ազատ է:

 

Նախորդը

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.