Լոնտոնեան Արսենալի նախկին ֆութպոլիստ, կապոնցի 32 տարեկան յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ երէկ մասնակցեցաւ Պարսելոնայի փորձերուն, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Անգլիական ակումբը թէեւ իր պայմանագրութիւնը խզեց ֆութպոլիստին հետ, սակայն քաթալոնական ակումբը ցարդ պայմանագրութիւն մը չէ ստորագրած անոր հետ:
Չաւիի գլխաւորած խումբին հետ երէկ փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ, որ թէեւ չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, սակայն ներկայիս կը հրաժարի այլ կազմի մը միանալ:


