Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան կրնայ փոխել իր ակումբը, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար հայրենի ֆութպոլիստը փոխ տրուի Համպուրկի, անշուշտ եթէ ատոր համաձայն գտնուի Հոֆընհայմ:
Համպուրկ թէեւ ներկայիս մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, սակայն անոր յոյսերը մեծ են, եւ անիկա կը պայքարի Ա. դասակարգ բարձրանալու` նկատի ունենալով, որ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
Նշուեցաւ, որ Ադամեանով հետաքրքրուած է նաեւ պելճիքական Ֆ. Ք. Պրիւժը:


