Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթընի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ անգլիացի 43 տարեկան Ֆրանք Լամփար նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Ան փոխարինեց սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեսը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնազրկուեցաւ Չելսիի ղեկավարութեան կողմէ:
Ան իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ 5 փետրուարին, Պրենթֆորտի դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին, Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Յունուար 2021-ին Չելսիէն հեռացուելէն ետք ան կը մնար առանց ակումբի:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էվըրթըն 19 կէտով կը գտնուի ընդհանուր դասաւորման 16-րդ քիչ մը վտանգաւոր դիրքին վրայ:


