Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Չելսիի նախկին յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա շատ հաւանաբար մօտ օրէն պայմանագրութիւն մը կնքէ Վալենսիայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական ակումբը:
Նշենք, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Մինէյրօ, որուն հետ ան Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ:
Ան 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:


