Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող քոսթառիքացի անուանի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը կրնայ շարունակել Իտալիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան բերդապահով հետաքրքրուած են Ա. Էս. Ռոմա, Ա. Սէ. Միլան եւ Եուվենթուս:
Նախապէս շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ Նաւաս շատ հաւանաբար տեղափոխուի Անգլիա եւ մաս կազմէ Նիւքասըլի:
Նաւաս սեպտեմբեր 2019-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ փարիզեան ակումբին:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառը:


