Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցերու շուրջ չորս ռուսական ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ հարցով Արեւմուտքի հետ լարուած կացութեան, յայտարարած է, որ Ռուսիան պատերազմներ չ՛ուզեր, սակայն պիտի չարտօնէ իր շահերը անտեսել:
Լաւրով յայտնեց, որ Անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ Արեւմուտքի հետ բանակցութիւնները տակաւին աւարտած չեն, «եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեր շահերը անտեսել»:
«Անվտանգութեան երաշխիքներու նախաձեռնութեան արեւմտեան պատասխանի շինիչ կէտերը նախկին ռուսական առաջարկներու վրայ հիմնուած են», ըսաւ ան:
«Եթէ հարցը Ռուսիայէն կախեալ ըլլայ, պատերազմ պիտի չսկսի, եւ այսօր պաշտօնակիցներուս ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ անմասնատելի անվտանգութեան վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնները գործադրելու ձեւին շուրջ բացատրութիւն մը պիտի ներկայացնեմ», շեշտեց Լաւրով:
«Ռուսիան պատասխան քայլեր պիտի որդեգրէ, եթէ Արեւմուտքի հետ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան երաշխաւորման սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ», ըսաւ ան:
«Ուաշինկթընի կողմէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը յարաբերութիւններու խզման համազօր է, եւ Ռուսիոյ դեսպանը Միացեալ Նահանգներէն վտարելու սպառնալիքները տգեղ են», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով Անդրադարձած Է Մարդու Իրաւունքներուն Ազգային Տեսանկիւնէն` Նշելով «Ազրպէյճանցիները Հայաստանի Մէջ Եւ Հակառակը»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չորս ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով դրացիներու, ՀԱՊԿ-ի գծով դաշնակիցներու, ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն, ընդգծած է, որ խնդիր կայ եւ ոչ ոք զայն կը թաքցնէ:
«Եւ մեծ մասամբ այդ խնդիրը առնչուած է այն բանին, որ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս եկած նորանկախ պետութիւնները, երկար պատմական ժամանակահատուածի ընթացքին առաջին անգամ ստացած են կարելիութիւն ստեղծելու սեփական պետութիւն` ազգային պետութիւն, ինչ որ կ՛ընդգծուի: Եւ այստեղ սեփական ազգային ինքնութիւնը կարելի եղածին չափ արագ հաստատելու ձգտումը երբեմն կ՛ուղեկցի աւելորդութիւններով: Ասիկա դժուար թէ ոեւէ մէկը հերքէ: Եւ այսպէս միշտ կ՛ըլլայ, երբ մեծ կայսրութիւնները կը քանդուին», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ թէեւ այդ աւելորդութիւնները անխուսափելի են, սակայն ռուսական կողմը կ՛ուզէ ամէն ինչ ընել զանոնք կանխարգիլելու համար: Այս ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատած է փափուկ ուժի կիրարկումը` աւելցնելով, որ ատոր համար Ռուսիան պէտք է աւելի շատ ներուժ տրամադրէ, քան ներկայիս: Լաւրովի համաձայն, թէեւ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն Ռուսիան փափուկ ուժի կիրարկման հարցին մէջ տակաւին կը զիջի յառաջատար արեւմտեան երկիրներուն:
Լաւրով նշած է, որ որեւէ հակասութիւն չի տեսներ դրացի երկիրներու վերնախաւերուն հետ բարեկամական, դաշնակցային եւ անձնական սերտ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ:
«Մենք պէտք է ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ աւելի աշխուժ եւ աւելի բաց քննարկենք մարդու իրաւունքներու հարցերը, ներառեալ` մարդու իրաւունքները ազգային տեսանկիւնէն… օրինակ` ռուսերը Ղազախստանի մէջ, ղազախները Ռուսիոյ մէջ, ազրպէյճանցիները Հայաստանի մէջ եւ հակառակը, թէեւ այնտեղ այդպիսիք շատ քիչ մնացած են», ըսած է Լաւրով:
Նախարարին համաձայն, ԱՊՀ երկիրներու շահերէն կը բխի, որ բոլոր նորանկախ պետութիւններուն քաղաքացիները մնան այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք ծնած են, կ՛ապրին:



