Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք յանձնառու կը մնան խոչընդոտելու Հըզպալլայի գործունէութիւնները` անոնց մէջ ներառելով նաեւ ամերիկեան պատժամիջոցներէն փախուստ տուող Հըզպալլայի անդամները, որոնք մեծաւ մասամբ դրամի լուացում կը կատարեն` ֆինանսաւորելու համար Հըզպալլայի ահաբեկչական արարքները:
Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Հըզպալլայի աքթերը կը սպառնան լիբանանցիներու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Հըզպալլայի անդամներ Ատնան Այատ, Ժիհատ Ատնան Այատ եւ Ալի Ատել Տիապ, ինչպէս նաեւ 10 ընկերութիւններ զետեղուած են յատուկ անուանացանկի մը մէջ` իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ֆինանսաւորող պատասխանատուներ:



