Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Բ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ:
Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երեք կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որ երէկ մրցեցաւ ճափոնցի Թարօ Տանիելիի դէմ (դասուած` 120-րդ), 4-6, 4-6 եւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով անկէ դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 48 վայրկեան:
Աշխարհի դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 7-6, 4-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով աւստրալիացի Նիք Քիրիոսին:
Այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 4 վայրկեան:
Աղջկանց մրցումներուն, 14-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, որ անցեալին կը գրաւէր դասաւորման առաջին դիրքը, յաջողեցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պրազիլցի Պէաթրիս Հատտատ Միան:




