Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըս յայտարարած է, որ չի բացառեր յաւելեալ պաշտպանական սպառազինութեան Ուքրանիա ուղարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ես խիստ վերահսկողութեան տակ պիտի պահեմ մեծ քանակութեամբ պաշտպանական սպառազինութիւն Ուքրանիա ուղարկելու հարցը: Ես ինքնապաշտպանութիւն ապահովելու համար Ուքրանիոյ օգնելու հարցին մէջ ոչինչ կը բացառեմ», ըսած է Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Բրիտանիոյ օդուժի «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր 3» ծանր ռազմափոխադրական օդանաւերը վերջին երեք օրուան ընթացքին 8-րդ թռիչքը կատարած են Ուքրանիա:
Բրիտանական աղբիւրի տուեալներով` Քիեւ այս շաբաթ Լոնտոնէն շուրջ 2000 հակահրասայլային հրթիռներու արձակման սարք ստացած է:



