Ազրպէյճան կ՛աջակցի Հայաստանի հետ սահմանազատման հոլովոյթի առանց որեւէ նախապայմանի մեկնարկին: Կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Այս մասին, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` Վիեննա կատարած այցելութեան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ հանդիպումի ժամանակ:



