Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Սամտորիա երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մարքօ Ճիամփաուլօ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
54 տարեկան մարզիչին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024 տարուան ամառը:
Ճիամփաուլօ, որ նախապէս եղած է Սամտորիայի մարզիչ (2016-2019), փոխարինեց Ռոպերթօ Տաւերսան, որ նախորդ 17 յունուարին պաշտօնանկ եղաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Սամտորիա այժմ 20 կէտով կը գրաւէ «Քալչիo»-ի դասաւորման 16-րդ դիրքը:



