Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց մանրամասնութիւնները այն բնագիրներուն, որոնց շուրջ ներկայիս կողմերը կը բանակցին Վիեննայի մէջ իրանեան հիւլէական համաձայնագիրի վերաբերեալ բանակցութիւններուն ընթացքին:
Ըստ «Մեհր»-ի տեղեկութեան, իրանեան պատուիրակութիւնն ու «1+4»-ի անդամները ներկայիս կ՛աշխատին մէկ բնագիրի եւ երեք յաւելուածի վրայ, եւ կը նախատեսուի, որ հիմնական բնագիրը բովանդակէ վերջնական «որոշում»-ն ու փոխադարձ հասկացողութիւններու ընդհանուր շրջագիծը, եւ կը պատրաստուի «աշխատանքային երրորդ խումբին, այսինքն` գործնական դասաւորումներու յանձնախումբին կողմէ»:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, այդ բնագիրը կը բովանդակէ երեք յաւելուածներ, որոնց առաջինը կը վերաբերի պատժամիջոցներու ջնջման եւ մանրամասնօրէն կը բացատրէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնները, իսկ երկրորդ յաւելուածը կը վերաբերի Իրանի հիւլէական յանձնառութիւններուն, կը նկարագրէ Իրանի քայլերն ու անոր հիւլէական յանձնառութիւններու նուազեցումէն ետդարձ կատարելու կերպը. ատոր բանաձեւման պատասխանատուն հիւլէական աշխատանքի խմբակն է:
«Մեհր» կը նշէ, որ ըստ իրեն հասած տեղեկութիւններուն, երրորդ յաւելուածը կը նշէ կողմերու քայլերուն, կնքուած համաձայնագիրներուն գործնական դասաւորումներու գործադրման կերպը, եւ այդ յաւելուածը կը բանաձեւուի ու կ՛ամբողջացուի գործնական դասաւորումներու յանձնախումբին կողմէ:



