Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն աջակցելու` անոր քաղաքացիները յարձակումներէ պաշտպանելու համար: Ան այս մասին յայտնեց Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա շարժումին կողմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շրջաններուն վրայ կատարուած յարձակումէն ետք:
Իսրայէլի վարչապետը Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանին իր յղած ցաւակցական նամակին մէջ յայտնեց. «Պատրաստ ենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տրամադրելու գաղտնի սպասարկական եւ անվտանգային աջակցութիւն` ապագային այսպիսի յարձակումներէ պաշտպանելու համար անոր քաղաքացիները»:
Պենեթ դատապարտեց հուսիներուն երկուշաբթի օր կատարած յարձակումը` հաստատելով. «Իսրայէլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողքին կը կանգնի»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երկուշաբթի օր յայտարարած էին, որ 3 անձեր` «փաքիստանցի մը եւ երկու հնդիկներ», մահացած են եւ 6 ուրիշներ վիրաւորուած են Ապու Տապիի արուարձաններուն մէջ Ատնուք պահեստանոցներուն մօտ գտնուող «Մասֆահ Այքատ 3» շրջանին մէջ երեք սիթեռններու պայթումներուն պատճառով:



