Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները:
6-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքը միանձնեայ կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան:
Սակայն աղջկանց պարագային երկիշխանութիւն է` նկատի ունենալով, որ Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիամ Մկրտչեան ապահոված են 4,5-ական կէտ:



