Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններուն Մասին` «Ամերիկացիները Ստիպուած Եղան Լսել» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

January 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւի կարծիքով` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ խորհրդակցութիւնները առաջին անգամ ըլլալով անցած են «հաւասարէ հաւասար» սկզբունքով, ամերիկացիները ստիպուած եղած են լսել: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

«Ատիկա երկխօսութիւն էր, ոչ թէ երկու մենախօսութիւն: Եւ «յետպատերազմեան» երեք տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ Ռուսիան բանակցային ձեւաչափով շատ առարկայականօրէն ամերիկացիներուն ներկայացուց թէ՛ իր քննադատական մտահոգութիւնները, թէ՛ անոնց արմատական վերացման ուղիները», ան գրած է Դիմատետրի վրայ:

Քոսաչեւի համաձայն, երկու տէրութիւններուն միջեւ երկար ատենէ ի վեր նման խօսակցութիւն չէր եղած:

«Ամերիկացիները վերջին երեք տասնամեակին իրենց կ՛ենթարկէին աշխարհը եւ այնպէս կ՛ընէին, որ իրենց հետ հաւասար չխօսի մէկը` ո՛չ դաշնակիցները, ո՛չ ընդդիմախօսները, ո՛չ ալ հակառակորդները: Ամերիկացիները որեւէ նման փորձ կը կանխարգիլէին սաղմնային վիճակին մէջ` ինքնին սկիզբէն ընդհատելով խօսակցութիւնը, եթէ յարմար չէր իրենց, յետոյ իրենց սեփական դիրքորոշումը կը պարտադրէին բոլոր կարելի միջոցներով: Հիմա ամերիկացիները ստիպուած եղան լսել: Որովհետեւ այս անգամ Ռուսիան կարծր կերպով մատնանշեց, որ պիտի ընդհատէ որեւէ խօսակցութիւն, եթէ անիկա բովանդակային ու առարկայական չըլլայ», ընդգծած է ան:

Քոսաչեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները համեմատած է աւելի ու աւելի հինցող համակարգիչի վրայ տեղադրուող աշխատանքային նոր համակարգի հետ: «Ամերիկացիները լսեցին, չվառեցան եւ, յոյսով եմ, ընկալեցին: Քիչ բան չէ», կը կարծէ ան:

Անոր համաձայն, բանակցութիւններու յաջորդ փուլէն ետք յստակ պիտի դառնայ, թէ ՕԹԱՆ-ի հինցած մեքենան արդեօք պիտի կարենա՞յ ընդունիլ նոր «համակարգը»: «Այժմ իսկապէս վերագործարկման կարելիութիւն կայ», համոզուած է ծերակուտականը:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ համար զիջումներու ժամանակը, յարաբերութիւնները չփճացնելու ձգտումը անցեալին մէջ մնացած են: «Այդ գնացքը վերջնականապէս հեռացած է: Մենք մրցակիցը անկիւն չենք դներ ու առաւել եւս մատ չենք թափահարեր: Մենք մեր քարերը միակողմանիօրէն չենք հեռացներ «մեծ շախմատի տախտակէն»: Հետագային խաղը կրնայ ըլլալ միայն հաւասարէ հաւասար», կը նշէ Քոսաչեւ:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ Սասոլի Մահացած Է

Յաջորդը

«Ռուսիան Տարիներէ Ի Վեր Շարունակ Կը Միջամտէ, Կը Բռնագրաւէ Եւ Տագնապներ Կը Հրահրէ Դրացիներու Եւ Այլոց Դէմ» Կ՛ըսէ Փրայս

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.