«Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակը` «Օմիքրոն»-ը արդէն իսկ ջնջած է Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով շաբաթավերջին տեղի ունենալիք երկու մրցումներ : Արդարեւ, Անգլիոյ ֆետերասիոնին որոշումով, անորոշ ժամկէտով յետաձգուած են Լիվըրփուլ – Լիծ Եունայթըտ եւ Վուլվզ- Ուաթֆորտ հանդիպումները:
Այլ մրցումներ եւս կրնան յետաձգուիլ մինչեւ շաբաթավերջ:



