Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ալի Համիէի կարծիքով, մինչեւ տարեվերջ Լիբանան ժամանողներու թիւը պիտի գերազանցէ 600 հազար հոգին: 1 հոկտեմբեր 2021-էն մինչեւ օրս Լիբանան ժամանած է 521 հազար 660 հոգի: Իսկ երէկ` հինգշաբթի, 23 դեկտեմբերին, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան էջք կատարած է 91 օդանաւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարութիւնը երէկ հերքեց հացի կապի սակագինին յաւելման մասին լուրերը: Նմանապէս, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ «հանգստացուց» քաղաքացիները, թէ ցորենի ապահովման անհրաժեշտ գումարը պիտի փոխանցէ առ որ անկ է: Նշենք, որ վերջին օրերուն եւ յատկապէս երէկ լուրեր շրջեցան, թէ հացի կապին սակագինը պիտի բարձրանայ 30 հազար լիբ. ոսկիի:

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ տօնին առիթով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան յատուկ պատգամ մը պիտի ուղղէ լիբանանցիներուն եւ ի մասնաւորի` քրիստոնեաներուն: Պատգամը պիտի պատկերասփռուի ուղղակիօրէն:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ այսօր, ընկերակցութեամբ Պէյրութի հրշէջներու ջոկատի հրամանատար, հազարապետ Մահեր Աժուզի, պիտի շրջի Պէյրութի հրշէջներու դիրքերը` սկսելով Էշրեֆիէ Պըրժ Ղազալի  շրջանէն:

«ՕԺԵՐՕ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրետիէ երէկ «ապառնաց» նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերել այն դրամատուներուն նկատմամբ, որոնք կը խուսափին «Օժերօ» ընկերութեան պաշտօնեաներուն առիթ տալէ, որ օգտուին Կեդրոնական դրամատան թիւ 161 որոշումէն, ըստ որուն, անոնք իրաւունք ունին իրենց թոշակները գանձելու տոլարի նորաստեղծ «Սայրաֆա» հարթակին սակագինով: Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան որոշումով նշեալ օրէնքէն օգտուելու առիթը երկարաձգուած է մինչեւ 31 յունուար 2022:

ԹԱՅՅՈՒՆԷ-Այն Ռըմմանէ շրջանին մէջ պատահած միջլիբանանեան բախումներու զոհերու կարգ մը ընտանիքներ երէկ դատական հայց ներկայացուցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ երէկ կոչ ուղղեց զգաստանալու եւ անպայման պատուաստուելու: Ան յիշեցուց, որ ցարդ բնաւ պատուաստ չստացած եւ վարակուած յատուկ խնամքի կարօտներու բաժանմունքի հիւանդներուն համեմատութիւնը հարիւր առ հարիւրի հասած է: Նշենք, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի պատճառով մահացողներուն թիւը հասաւ 16-ի, իսկ վարակուողներուն թիւը` 1646-ի:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնները կատարող դատաւոր Թարեք Պիթար երէկ դարձեալ առկախեց դատաստանական իր գործունէութիւնը` ի պատասխան հարցաքննութեան կանչուած նախկին ներկու նախարարներու կողմէ (Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր) իրենց հարցաքննութեան կոչը յետս կոչելու դիմումին:

 

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Դեղագործներու Սենտիքայի Նախագահը

Յաջորդը

Կացութեան Վատթարացման Կանխարգիլման Առաջադրանքով. Միջազգային Դիւանագիտական «Արշաւ»` Լիբանանի Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.