Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԱԹԻՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ՄԱԿԻ

February 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 19 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ Բարեկենդանի առիթով ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի: Ելոյթի բեմադրիչն էր Ռոպերթ Առաքելեան:

Ելոյթէն 1 ժամ առաջ արդէն իսկ մեծաթիւ մանուկներ հաւաքուած էին սրահի մուտքին: Բոլորն ալ եկած էին երգելու, պարելու եւ զուարճանալու Մակիին հետ:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Սարօ Թոնդեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ հովանաւորեց սոյն ձեռնարկը եւ պիտի հովանաւորէ Մակիի «տի. վի. տի.»-ն, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Սարօ Թոնդեան նկատել տուաւ, որ առաջնորդ սրբազանը այս ելոյթով կ՛ուզէր իրականացնել 4 նպատակներ. ա) 2011-2012 տարիները, զորս Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հռչակած էր «Հայ մանուկի տարի» եւ «Հայ գիրքի տարի», շաղկապուին իրարու հետ, եւ հայ մանուկները առիթ ունենան ըմբոշխնելու դաստիարակիչ արուեստ, բ) Լիբանանահայութեան զաւակներուն հոգեբանութեան մէջ պէտք է ամրապնդուի «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսի հասկացողութիւնը», գ) Մեր մատղաշ սերունդը մօտէն պէտք է ծանօթանայ Բարեկենդանի եկեղեցական տօնին, իմաստին եւ խորհուրդին, դ) Բարձրորակ թատերական ներկայացումով` Մակիի կատարումով փոքրիկներուն ընծայել զուարճալի եւ ուրախալի պահ մը:

Այնուհետեւ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ Մակին խանդավառեց փոքրիկները` մեկնաբանելով «Ժամացոյցը», «Մայրիկ», «Մկնիկը», «Շախպաթ Շախապիթ», «Մարան մտայ», «Ձիաւորներ ենք», «Բարեկենդան», «Մարտ ամիսը» եւ այլ մանկական երգեր:

Պէտք է նշել, որ Մակիին կ՛ընկերակցին խումբ մը փոքրիկներ, որոնք իրենց պարերով եւ շարժումներով յաւելեալ փայլք տուին ելոյթին:

 

 

Նախորդը

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 13 ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ՄԱՆՈՒԷԼ ՂԱՐԻՊԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.