Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 13 ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

February 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երկրորդ տարին ըլլալով վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 13 վարժարաններու:

Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Րաֆֆի Աբրահամեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին եւ անիկա կը միտի հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ` քաջալեր հանդիսանալով ճշգրտօրէն հայերէնի գործածութեան: Աբրահամեան ըսաւ. «Մենք պէտք է լաւապէս ճանչնանք մեր պատմութիւնը, յարգանք մատուցենք մեր նահատակներուն եւ շարունակենք պահանջատիրութեան ուղին»: Աբրահամեան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմեն Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճարեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան:

Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան, որ ներկայացուց մրցանքին օրէնքներն ու կանոնները: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք» նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ: Նաճարեան աւելցուց, որ նշանակը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւերժացնէ նահատակին յիշատակը:

Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Իր խօսքի աւարտին, Նաճարեան շեշտեց, որ աշակերտները պէտք է սիրեն մայրենին, պահպանեն հայութեան արժէքները եւ հետապնդեն հայութեան դատը, որպէսզի ապահովուի Տինքի սկսած երթին շարունակութիւնը:

Մրցանքի դատական կազմին խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:

Յայտնենք, որ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ին տեղի ունենալիք յատուկ հանդիսութեան ընթացքին:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ` «ԷՀԼԱՆ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԵԾԱԹԻՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ՄԱԿԻ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.