Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

December 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մանկութիւնը կեանքի ամէնէն ուրախ փուլերէն մէկը պէտք է ըլլայ: Համաձա՞յն էք: Կ՛երեւի` աշխարհը հակառակ կարծիք ունի այս նիւթին շուրջ, որովհետեւ հայրենաբնակ հայ երեխան դատապարտած է մանկութեան մը, որ անդադար կ՛ոտնակոխուի պատերազմի արիւնաքամ հետքերով: Ամէնէն վաղ օրինակը այս ողբերգութեան` այս դարուն ծնած արցախցիի մը  մանկութիւնն է:

Իմ տարիքիս արցախցի մանուկ մը արդէն երկու պատերազմ տեսած է` մէկը տասներեք, իսկ միւսը տասնեօթը տարեկանին: Ան իր երանելի օրերը անցուցած է գերեզմանոցներ այցելելով ու իր դասընկերներուն մահուան առիթով ողբալով: Իր ընկերները դիակներու կողքին տօնած են իրենց 18-րդ տարեդարձները, զէնքը ամուր գրկած` մարած են կարկանդակի մոմերը: Ու չեն վարանած պատմելու իրենց բոլոր տեսածներուն մասին, ինչպէս` անգութ մահուան, արեան ու դժբախտութեան: Անոր ապագայի երազանքները այնքան խառնուած են, որ ներկայիս իր երեւակայած ամենամեծ իրագործումը մէկ օր եւս ողջ մնալն է:

Իսկ ինձմէ քանի մը տարի փոքր արցախցի մանուկը մինչեւ տասը հաշուել սորվելէն առաջ սորվեցաւ աշխարհի անարդարութեան մասին: Իր կեանքի առաջին լուսաբացերէն արդէն սորվեցաւ ճիչն ու ցնցումը ռումբի, հայեացքը` սարսափի: Ան առանց որեւէ չարութիւն ընելու` զրկուեցաւ թաղի բակին մէջ ազատօրէն վազվզելէ եւ արեւի փայլուն ճառագայթներէն: Ան իր ուզած խաղալիքը փնտռելու տեղ իր անյայտ եղբօրը նկարը փնտռեց նահատակաց երկար պաստառին վրայ: Իրեն համար հերոս հայրը առասպել դարձած է արդէն, իսկ իր կեանքին սպառնացող սահմանակիցները` մղձաւանջներուն սովորական կերպարները: Եկէք` հիմա պատկերացնենք, որ այս երեխան սովորական մանկան պէս պիտի մեծնայ, մտածէ ու երազէ: Դժուար է, չէ՞:

Այս փոքրիկը ինչպէ՞ս պիտի չպոռթկայ չարութեան դէմ, երբ արդէն գիտէ, որ աշխարհը իր ականջները գոցած է, ու ինք որքան ալ լայ, պիտի չլսուի: Այս մանուկը ինչպէ՞ս ինքնիրմով պիտի հպարտանայ, երբ աշխարհը իրեն արդէն համոզած է, որ իր գոյութիւնը այնքան ալ կարեւոր չէ: Յոռեգոյն ուսուցիչը արցախցի լուսաւոր մանուկը համոզած է, որ ան արժանի չէ մանկութեան ընկերացող անվե՜րջ անհոգութեան ու ազատութեան: Մինչ այդ թշնամին կը փորձէ քանդել Արցախի դպրոցները ու ջնջել անոնց սնուցած յոյսն ու լաւատեսութիւնը` արցախցի մանուկի յիշողութենէն:

Սակայն, պատերազմի ամենացնցիչ հետեւանքները կրելով հանդերձ, արցախցի երեխան անյայտ միջոցով մը յաջողած է այտերը ընդդիմացնել արցունքներու հեղեղին ու մշտական ժպիտ մը ծաղկեցնել իր երեսին վրայ: Ու իր փոքր տարիքին արդէն ան հաստատ որոշած է, որ երբ մեծնայ, քաջ զինուոր պիտի դառնայ ու իր ազգին փրկութեան համար պիտի պայքարի:

Այսպիսով, ամենադառն մանկութեան տէր արցախցի մանուկը կը յաղթահարէ կեանքը եւ մահը:

 

 

 

Նախորդը

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Մանուկներու Առողջ Սննդականոնի Մասին Շահեկան Զրոյց

Յաջորդը

Կեդրոնականցին, Յուզուող Աբրահամը Եւ Լուսանկարուող Ֆրանսիսը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.