Նախանցեալ օր Պէյրութ վերադարձան Աքուամարինայի եւ Ռիմալի պատուիրակութիւնները` իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք Տուպայի 2-րդ միջազգային լողարշաւի մրցաշարքին:
Անոնք ընդամէնը տիրացան 11 ոսկի, 12 արծաթ եւ 14 պրոնզ մետալներու:
Աքուամարինա տիրացաւ 6 ոսկի, 9 արծաթ եւ 8 պրոնզ մետալներու, իսկ Ռիմալ` 5 ոսկի, 3 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալներու:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու ակումբները լողարշաւի մրցաշարքեր կազմակերպելէ բացի, այլ մրցաշարքերու մասնակցելով` կ՛արձանագրեն բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:


