ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1102 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.000 լ. ոսկիի սահմանը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ նախագահ Աուն երեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2021-ին պիտի այցելէ Քաթար:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը պիտի լուծուի «Պիթարը` կառավարութեան փոխարէն» տարազին հիման վրայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Սալամ ընդգծեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը յանձնառու է Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու` աւելցնելով, որ այս փուլին կը շեշտուի ընթացքին արաբական դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 2200 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 1400 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը արձանագրած է 5200 լ. ոսկիի յաւելում, եւ պիւթակազի շիշը` 5700 լ. ոսկիի յաւելում: 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 308.600 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 318.200 լ. ոսկի, մազութը` 316.200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 271.700 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ողջունեց հրշէջները եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը` անցեալ շաբաթավերջին երկրին մէջ բռնկած հրդեհները հակակշիռի տակ առնելու նպատակով անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ինայա Իզզէտտին երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ հաստատեց, որ դատական իշխանութիւններէն պահանջուած է տարակարծութիւնները լուծել, որովհետեւ անիկա է հարցերուն լուծման իսկական ու ճիշդ աղբիւրը:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ ներկայ վարչակարգով Լիբանան բարեկարգումի ոչ մէկ քայլ պիտի կարենայ յաջողցնել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն պիտի առաջադրէ` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պետութեան հետ յարաբերութիւնները անհանդուրժելի դարձած են` դաւաճան կուսակցութեան պատճառով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի տագնապին իսկութիւնը կը դրսեւորուի վերջինս իր արաբական շրջանակէն առեւանգելու երեւոյթով:


