Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովին Նշաձողերը

November 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

17-18 հոկտեմբեր 2021-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը, որ ի մի բերաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործող խմբագիրներն ու մամլոյ պատասխանատուները` քննարկումներ կատարելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ նոր առաջարկներով ներկայ ժամանակներուն համապատասխան աշխատելաոճ որդեգրելու:

Խորհրդաժողովը քննեց մամուլի արդի հասկացողութիւնն ու ընթերցող գրող փոխազդեցութեան ժամանակակից միջոցները: Լուսարձակի տակ առնուեցան ազգային արժէքներու պահպանման եւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ու ազգային-քաղաքական ուղեգիծին ժողովուրդի լայն խաւերուն մատչելի ոճով հասանելի դարձնելու միջոցները:

Կարեւորութեամբ արձանագրուեցաւ, որ ՀՅԴ մամուլը, ունենալով համաշխարհային ցանց, բանավէճի եւ կառուցողական քննադատութեան բեմահարթակ դառնալու պարտաւորութիւնը կը կրէ, որովհետեւ ոչ թէ անպատշաճ, հայհոյախառն, այլ առողջ բանավէճը կարելիութիւն կը ստեղծէ հայ քաղաքական մտքի զարգացման եւ ազգային-քաղաքական հարցերու շուրջ տարբեր տեսակէտներու փոխանակման, ինչ որ այնքան կարեւոր է հայկական լրատուադաշտին մէջ յատկապէս այս օրերուն յատկապէս, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ գոյութենական վտանգներ` հայրենիքի մէջ, թէ Սփիւռքի:

Առանձին ուշադրութեան արժանացաւ երիտասարդութեան մօտ քննական մտածողութիւն ձեւաւորելու եւ կարճ ու հասկնալի ոճով անոր հրամցնելու ազգային հարցեր արծարծող ու համահայկական մտածողութիւն ձեւաւորող մատչելի յօդուածներ: Կարեւոր համարուեցաւ երիտասարդներու նախաձեռնութեան ոգիին թափ տալու, հայ մամուլին մէջ անոր ոճին ու մտածելակերպին համապատասխան ազատ դաշտ բանալու հրամայականը:

Խորհրդաժողովը քննական մօտեցումով արծարծեց հայկական տեղեկատուական դաշտի անվտանգութեան եւ ապատեղեկատուական արշաւներուն դէմ անբաւարար աշխատանքի բացթողումները, որուն կողքին` քարոզչական դաշտի յատկապէս օտար մամուլին մէջ աննշան մնացած ըլլալու իրողութիւնը, եւ այս իմաստով հարկ համարեց օտարալեզու լրատուութեան զարգացման նպաստող միջոցներու որդեգրումը` օգտուելով յատկապէս ՀՅԴ լրատուական համահայկական  ցանցէն, ինչպէս նաեւ` օտար լրատուամիջոցներու մէջ գործող հայ լրագրողներու փորձառութենէն:

Լեզուական հարցերը եւս տեղ գտան խորհրդաժողովի օրակարգերուն մէջ, եւ հարկ համարուեցաւ զերծ մնալ աղաւաղուած հայերէնի օգտագործումէն` աստիճանաբար ձերբազատելով ոճային եւ լեզուական օտարամուտ եզրերէն:

Շեշտադրուեցաւ Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու յաղթահարման ճամբուն դաշնակցական հրապարակագիրին, խմբագիրին քարոզչական առաքելութիւնը, եւ, վերջապէս, սփիւռքի տարբեր շրջաններու հարցերու արծարծման եւ լուծումներու առաջադրման պատասխանատուութիւնը:

Խորհրդաժողովը քննեց նաեւ հայրենի մամուլին հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը` յատկապէս նկատի ունենալով արցախեան պատերազմէն ետք երեւան եկած մտահոգիչ զարգացումներն ու անոնց քարոզչական տարբեր ազդեցութիւնները:

Խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ տարբեր շրջաններու մէջ կիրարկուող լրատուական մեքանիզմներու քննարկման, համեմատութիւններու սահմանման, արդիականացման միջոցներու որոնման, երիտասարդներու ներգրաւման եւ կարճ ժամկէտերով իրականանալի ծրագիրներու որդեգրման` մեր լրատուամիջոցները դարձնելու ոչ միայն լրատուութեան աղբիւրներ, այլեւ` Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներու որոշումներուն լուսաբանման հարթակներ, քննական մտածողութիւն խթանող, ազգային արժէքներ պահպանող ազդակներ:

Նախորդը

Համբերութիւն…

Յաջորդը

Trauma-Informed Կարգավիճակէ` Trauma- Responsive Գործընթաց

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.