Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի «Կրանտ Սուիս» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան ցարդ կը մնան անպարտելի:
Անոնք, արձանագրելէ ետք երկու յաղթանակ եւ հինգ հաւասարութիւն, 4,5-ական կէտով կը բաժնեն 5-31-րդ դիրքերը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆրանսան ներկայացնող իրանցի Ալիրեզա Ֆիրուճա, որ ապահոված է 5,5 կէտ:
7-րդ հանգրուանին Լեւոն Արոնեան, որ պարտութիւն մը կրեց ուքրանացի Անտրէյ Վոլոքիթինէն, այժմ ապահոված է 3,5 կէտ:
4-ական կէտ ունին Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Մրցաշարքի աւարտին մնացած է չորս հանգրուան:



