Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

February 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Վերջերս աւելցած է սուրիահայութեան մասին վերլուծումներ ու ախտաճանաչումներ կատարող եւ ցուցմունքներ տուող բախտագուշակներուն թիւը: Երբեմն ակադեմական պատմուճանով եւ երբեմն քաղաքական վերլուծողի տարազով հայ անհատներ, Ծոցի երկիրներու մէջ կամ այլուր նստած, իրենք իրենց պարտականութիւն տուած են սուրիահայութեան մասին հանդէս գալու:

Հարցի մը մասին տեսակէտ պարզելը անշուշտ իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է: Զարմանալին սակայն մամուլի կողմէ նման յօդուածներու տեղ տրուիլն է` առանց նկատի ունենալու պարզուած տուեալներու վաւերականութիւնն ու մակարդակը:

Այս բոլորին մէջ ակներեւ է սուրիահայութեան ձայնի բացակայութիւնը, որ պէտք չէ անպայման դիտել որպէս ժխտական երեւոյթ, որովհետեւ ստեղծուած բարդ կացութիւնը կը պատուիրէ ըլլալ զգօն եւ խոհեմ: Այս չի նշանակեր սակայն, որ  գաղութը անտարբեր է ի տես  երկրի կացութեան կամ չունի քաղաքական վարքագիծ:

Ճիշդ է, որ հայահոծ քաղաքներու կամ աւաններու մէջ կեանքը բնականոն կ՛ընթանայ, դպրոցներ, աշխատանոցներ, գործարաններ եւ հաստատութիւններ սովորաբար կը գործեն, այստեղ, սակայն, հիմնականը կենցաղային դժուարութիւններն են, որոնց մասամբ գաղութը վարժ է դիմակալելու, անկախ անկէ, որ վերջին տագնապի ընթացքին կենցաղային դժուարութիւնները աւելի դաժան են ու ցաւցնող: Հիմնական հարցը անկասկած կը մնայ երկրի հեռանկարը եւ անոր մէջ  սուրիահայութեան տեղն ու դերը, որուն աչալուրջ կը հետեւին  եւ յարաբերական ծաւալուն գործ կը տանին գաղութի պատկան կողմերը:

Անկասկած սխալ է այն հաստատումը, որ վերեւ յիշուած վերլուծողները կը կարծեն, թէ սուրիահայութիւնը զուրկ է քաղաքական կամքէ եւ պատեհապաշտ ու տարերային վարմունքով մը կ՛ընթանայ կացութիւններուն հետ:

Նախ սուրիահայը լիարժէք քաղաքացին է երկրին: Հոն է իր բնակարանը, գործը, կեանքը: Սխալ է արդէն մտածել, որ ան միայն առժամեայ կայք մը հաստատած է Սուրիոյ մէջ: Գաղութին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եթէ նոյնիսկ պահ մը մտածէ այլընտրանքի մասին, ան կարելիութիւնն անգամ չունի գործնականացնելու այդ այլընտրանքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ունի՞ն քաղաքական կամք եւ ծրագիր` օգտակար դառնալու սուրիահայութեան:

Հայկական գաղութները եւ հայ կրօնական հեղինակութիւնները, ինչպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէտք է օգտակար դառնան սուրիահայութեան երեք բնագաւառներու մէջ:

– Քաղաքական.-Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ սփիւռքի գաղութներու ղեկավարութիւնները, քաղաքական-յարաբերական գործին մէջ վճռականօրէն արտայայտեն համայն հայութեան համար գերխնդիր համարուող սուրիահայութեան հարցը, յատկապէս` անոր ապահովութիւնը: Այս մէկը համայնական տարողութիւն ստանալով` մեծապէս կը նպաստէ սուրիահայութեան դիրքերու եւ կացութեան ամրապնդման:

– Նիւթական-տնտեսական օժանդակութիւն. – Այս ճգնաժամին մէջ օգտակար դառնալ գաղութին, որպէսզի կրթական, բարեսիրական եւ այլ հաստատութիւնները կարենան յարատեւել այս դժուարին պայմաններուն մէջ: Նիւթական համեմատաբար փոքր օժանդակութիւնները նոյնիսկ կրնան մեծապէս, նիւթապէս թէ բարոյապէս, օգտակար դառնալ գաղութին:

– Խուսափիլ գրաւոր, բանաւոր կամ լրատուամիջոցներով որեւէ դրսեւորումներէ, որոնք կրնան վտանգել գաղութին ապահովութիւնը: Մանաւանդ սխալ է ներկայացնել գաղութը` որպէս քաղաքական կամքէ զուրկ միաւորի, որ միշտ եղած է իշխանութիւններու լծակ, որովհետեւ գաղութը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ եղած լծակ որեւէ կողմի, այլ ունեցած է պետականութեան եւ օրինականութեան հետ ըլլալու վարքագիծ, որ երբեք չէ պայմանաւորուած այս կամ այն իշխանութեան գոյութեամբ: Գաղութի պատմութիւնը կը պարզէ, որ զանազան իշխանութիւններու օրով ունեցած է այս իմաստով կայուն վարքագիծ:

Ըլլալով օրինականութեան հետ` գաղութը դրական մասնակցութիւն բերած է ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական կեանքին, այն չափով, որ հնարաւոր եղած է այդ մէկը:

Այս վերջին տագնապի ընթացքին նոյնպէս հայ գաղութը եղած է ջատագովը բարեկարգումներու, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ընկերային արդարութեան եւ ազատութիւններու հաստատման: Սակայն դէմ եղած է բիրտ ուժի գործածութեան, միջհամայնքային հրահրումներով երկրի ամբողջականութիւնը խանգարել փորձող երեւոյթներուն եւ արտաքին միջամտութիւններուն, որոնք աւերիչ դեր կ՛ունենան երկրին համար:

Սուրիահայութիւնը կողմ եղած է երկխօսութեամբ եւ ազգային բոլոր ուժերու մասնակցութեամբ, ի շարս նաեւ` սուրիահայութեան, երկիրը տագնապէն դուրս բերելու եւ դէպի զարգացում տանելու:

Ուրեմն այսօր սուրիահայութեան օրակարգը լուրջ օրակարգ է հայութեան համար, որուն հետ պէտք չէ ունենալ կամայական վերաբերմունք, այլ խորհրդակցաբար գաղութին հետ` ճիգ չխնայել արժանապատիւ ձեւով դուրս գալու այս ճգնաժամէն:

Սուրիա

 

Նախորդը

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ` ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.