Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 11 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Ռումանիոյ:
Ռումանիոյ մէջ գտնուող «Արենա Նասիոնալա» մարզադաշտին մէջ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ հայկական պատուիրակութիւնը Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքէն հասաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշ, ուր կ՛իջեւանէ «ՃԷՅ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Մարիոթ» պանդոկը:
Հայաստան կը գրաւէ Ժ. խմբակին երրորդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ, մինչ Ռումանիա 10 կէտով` չորրորդ դիրքը:
Առաջին դիրքը 18 կէտով կը գրաւէ Գերմանիա:



