Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Կենսագրական Տեղեկութիւններ` Մանուէլ Հալլաճեանի Մասին

October 2, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի պատմական տարիները կերտած դէմքերէն Մանուէլ Հալլաճեան կը պատկանի սերունդին այն տղոց, որոնք գաղափարի կիրքով ու նուիրումով, անսահման ծառայութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ իրենց անուրանալի ներդրումը ունեցած են ՀՄԸՄ-ի ճամբով իրենց գաղութներու ազգային առողջ ու հպարտ դիմագիծին կերտման մէջ: Իր սերնդակիցներուն նման, Մանուէլ Հալլաճեան յոգնութիւն չէ ճանչցած եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, եւ ապա` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամակցութիւն, ան մնացած է տէրն ու պահապանը միութենական անշեղ սկզբունքներու եւ ազգային-բարոյական աւանդական արժէքներու:

Մանուէլ Հալլաճեան ծնած է 1929-ին, Հալէպ: Իբրեւ սկաուտ, ան ՀՄԸՄ-ին անդամակցած է 1944-ին: Երկար տարիներ ան եղած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչական: 1958-ին ընտրուած է Սուրիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ 14 տարի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչութիւնը կատարած է ֆետերասիոնին մօտ: Ան կարեւոր դեր ունեցած է «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան հողաշերտին գնման եւ Քեսապի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրի կալուածագիրի ապահովման մէջ:

1990-1995 Մանուէլ Հալլաճեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ, 1992-էն ետք` ատենապետի պաշտօնով: 1995-2003, երկու շրջան ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

Միութենական իր երկարատեւ ծառայութիւններուն համար, Մանուէլ Հալլաճեան ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ գնահատուած է «Ծառայութեան» շքանշանով: 2000-էն ետք ան հաստատուած է Թորոնթօ:

19 սեպտեմբեր 2007-ին ՀՄԸՄ-ի Թ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Հայաստան, Մանուէլ Հալլաճեան ՀՄԸՄ-ի օրուան Կեդրոնական վարչութեան որոշումով արժանացած է միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին:

92 տարեկան հասակին Մանուէլ Հալլաճեան իր մահկանացուն կնքեց 30 սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Քանատա:

 

Նախորդը

Դամբանական` Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Պու Հապիպ Նամակ Մը Ստացաւ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.