Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 205 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական յարաբերութիւնները: Մաուլաուի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանին: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի ու Պէյրութի բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար տակաւին չէ իմացած իր դէմ յարուցուած դատական այն հարցին մասին, որ կը պահանջէ զինք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատուութենէն զերծ կացուցել:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած պայմանները օրինակելի չեն, սակայն պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` փոքր յաղթանակներ իրականացնելու համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան ընդմէջէն հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները սահմանադրական իրաւունք ունին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ իրենց ներկայացուցիչները ունենալու խորհրդարանին մէջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է արագ շարժի` երկրին տագնապներուն լուծումներ ապահովելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը յոյսի նշոյլ մը կը ներշնչէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի աւարտեց Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութիւնը: Մախզումի Սպիտակ տան մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկեան վարչակազմի պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային թղթածրարները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է սկսի իր նիստերուն` կենցաղային եւ ապրուստի թղթածրարները առաջնահերթ նկատելով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պատասխանատուն ոչ ոք կրնայ ձերբակալել` աւելցնելով, որ ան դատական իշխանութիւններուն մօտ գտնուող ձերբակալեալներուն միջեւ չի գտնուիր: Ան մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ բանավէճը կասեցուի: Ուահապ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին կեդրոնանալու հանրային փոխադրութեան հարցին վրայ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ գործիչ եւ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ջանայ նաւթի զտարան մը վարձել եւ անձնական ելեկտրակայան մը կառուցել: Ապու Ֆատել յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ պարտուի, ապա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի, այլապէս` մրցակցութիւն պիտի կայանայ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին խոստացաւ Լիբանան գործուղել ֆրանսական պատուիրակութիւն մը` նախապատրաստելու համար Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուելիք նոր խորհրդաժողով մը:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Յաջորդը

Խալիլ Քումարճահի Հետ Քննարկեց Միջազգային Դրամատան Հետ Գործադրուելիք Ծրագիրները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.