Անգլիական Թոթենհամի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին գուժեց իր անցեալի նախկին ֆութպոլիստ Ճիմի Կրիվզի մահը:
1966-ի Մոնտիալին Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Կրիվզ մահացաւ 81 տարեկան հասակին:
Կրիվզ, որ անցեալին մաս կազմած է նաեւ լոնտոնեան այլ կազմի մը` Չելսիի, կը հանդիսանայ Թոթենհամի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը` 266 կոլով:
Նշենք նաեւ, որ ան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ալ ռմբաձիգն է (266 կոլով):
Իսկ Անգլիոյ ազգային խումբին հետ ան 57 մրցումի ընթացքին նշանակած է 44 կոլ:



