Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Տանիել Քարվախալ, որ սրունքի մկանային վնասուածք ստացաւ, մէկ ամիսով պիտի չկարենայ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուիլ:
29 տարեկան Քարվախալ, որ իր վնասուածքը ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին, Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (5-րդ հանգրուան) 26-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ մրցումի եւ նշանակած կոլ մը:
Ռէալի վիրաւոր մարզիկներու ցանկին վրայ է նաեւ կալեսցի Կերըթ Պէյլ:



