Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍԱՍՆՈՅ Բ. ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 108-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

February 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը  8:00-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սասնոյ Բ. ապստամբութեան եւ Հրայր Դժոխքի նահատակութեան 108-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ երիտասարդներու:

Մեղրի Պապիկեան

Հանդիսութեան բացման խօսքը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Մեղրի Պապիկեան, որ նշեց, որ Հրայր Դժոխք եղած էր սասունցիներուն պահապանը, Սասնոյ Բ. ապստամբութեան սիրտն ու խիղճը:

Պապիկեան ըսաւ, որ Հրայր Դժոխք ստեղծած է յեղափոխաշունչ մթնոլորտ եւ նահատակուած է հերոսական մահով` կերտելով իսկական դաշնակցականի տիպարը: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղը հետեւելով Հրայր Դժոխքի սրբազան ուղիին վառ պիտի պահէ հերոսին յիշատակը:

Յովիկ Պերթիզլեան

Ապա ներկաները դիտեցին Հրայր Դժոխքի եւ Սասնոյ Բ. ապստամբութեան նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Պերթիզլեան: Ան հաստատեց, որ Հրայր Դժոխք յեղափոխական գործունէութեան ամբողջ դպրոց մըն է եւ կացութիւնները փրկող ճկուն, խիստ ու յամառ գործիչ մը եղած է:

Պերթիզլեան շեշտեց, որ Հրայր Դժոխք կը հաւատար, որ ժողովուրդը պէտք է հաւաքաբար մղէ յեղափոխութիւնը, որովհետեւ ազատագրական պայքարին պէտք է մասնակցին բոլորը, այլապէս յեղափոխական գործը դատապարտուած է ձախողութեան:

Յովիկ Պերթիզլեան նաեւ խօսեցաւ յեղափոխական գործ տանելու ֆետայական-զինուորական ոճին մասին` յայտնելով, որ Հրայր Դժոխք այս ոճին դէմ էր, քանի որ յեղափոխական գործը ժողովրդային պէտք էր ըլլար: Բանախօսը շեշտեց, որ այս երկու ոճերուն մէջ գիծ մը կար, որ ստեղծած էր Դաշնակցութիւնը, եւ կուսակցութեան ազատագրական պայքարի դպրոցը ամբողջական է, որ կը հասցնէ արդիւնքի:

Հրայր Դժոխքի կեանքն ու Սասնոյ Բ. ապստամբութեան հոլովոյթը ներկայացնելէ ետք` Յ. Պերթիզլեան աւելցուց, որ Գէորգ Չաւուշներու, Անդրանիկներու եւ Հրայր Դժոխքներու ուղին շարունակուեցաւ Արցախի մէջ, երբ ազատամարտիկները միեւնոյն ուժգնութեամբ եւ համաժողովրդային մակարդակով պայքարեցան ու յաղթեցին: Եզրակացնելով Յովիկ Պերթիզլեան ըսաւ, որ տակաւին գործը չէ աւարտած` վստահեցնելով, որ նոր սերունդին մէջ ալ կան չաւուշներ եւ հրայրներ, որոնք պիտի գան շարունակելու գործը:

Բանախօսութենէն ետք Հրակ Փափազեան նուագեց յեղափոխական երգեր, մինչ Շաղիկ Յովսէփեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Գաղափարին» ստեղծագործութիւնը: Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին Յարութ Լափաճեան երգեց երեք յեղափոխական երգ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»-ով:

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄՕՏ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ 66-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. «ՆԻՒԹԵՐ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» 8-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.