Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի. Լէյլաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շրջանի Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշ-Հաւաքը

September 10, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան, հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ-հաւաք` մասնակցութեամբ շրջանի հայորդիներու եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանին եւ շրջանի կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ այսպիսի հանդիպումներ տաքուկ ճաշին կողքին առիթներ են առաւել եւս ամրապնդելու ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը եւ լսելու հայորդիներու մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Տէմիրճեան ըսաւ, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ, շնորհիւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ բարերարներու հետեւողական ճիգերուն, կ՛իրականացուին բազմատեսակ ծրագիրներ, որոնց մեկնակէտն է օգտակար դառնալ մեր ընտանիքներուն: Տէմիրճեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ լէյլաւանցիին, որ ստանձնեց օգոստոս ամսուան շարժակի ծախսերը` զերծ պահելով լէյլաւանցիները բաժանորդագրութեան վճարումներէն:

Այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով մեծապէս գնահատեց Լէյլաւանի մէջ կատարուած ծառայողական աշխատանքները եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ օրերուն աւելի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին: Թերզեան յայտնեց, որ հայը իր նկարագիրով աշխատասէր է, եւ այդ ոգիով, հակառակ բոլոր արգելքներուն, պէտք է շարունակենք գոյատեւել, որպէսզի հաւաքական ճիգերով անցընենք այս դժուար փուլը: Յակոբ Թերզեան ըսաւ, որ հայորդիները պէտք չէ ազդուին հոս ու հոն արտասանուած կամ գրուած անտեղի բամբասանքներէն, այլ մնան դժուար օրերուն իրենց թիկունք կանգնող եւ հայութեան հաւաքական կամքը արտայայտող Դաշնակցութեան կողքին:

Աւարտին, Թերզեան այցելեց Ս. Երրորդութիւն մատուռ եւ Լէյլաւանի «Գարակէօզեան» դարմանատուն` մօտէն ծանօթանալու աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ նմանօրինակ հաւաքներ Լէյլաւանի վարչութիւնը պիտի կազմակերպէ իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ հինգշաբթի օրը: Աւելցնենք, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակի առաջին օրերէն ի վեր, Լէյլաւանի վարչութեան ճիգերով կը շարունակուի ակումբին մէջ կարիքաւորներուն ամէնօրեայ ճաշի պատրաստութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանահայութեան Բարեսիրական Կառոյցներու Հարուստ Կենսափորձը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.