Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԷՔ ՓԱՄԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄՕՏ

February 11, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փամ եւ անոր ընտանիքը կ՛ապրին Թայլանտի կղզիներէն մէկուն վրայ: Ուտելիք, գործ, հաճոյք… անոնց ամբողջ կեանքը կապուած է ծովուն հետ:

Ջուրէն եկած ցեղախումբ մը

Քաթալէ ընտանիքը կը պատկանի մոքեններու ցեղախումբին: Ժամանակին այս ժողովուրդը ամբողջ տարին կ՛ապրէր նաւերու վրայ. սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք ստիպուած եղած են կղզիներուն վրայ հաստատուելու: Քաթալէները իրենց շահած քիչ դրամը կը գործածեն կղզիին միակ խանութէն գնելու բրինձ, պահածոներ եւ քանի մը հագուստներ:

Հանգիստ չկայ

Քաթալէները ո՛չ ջուր ունին, ո՛չ ալ ելեկտրականութիւն: Ամէն օր պէտք է փայտ կտրել կրակ վառելու համար, երթալ ջուր բերել… Սակայն յատկապէս պէտք է ուտելիք գտնել: Երբ մայրը` Սի ծովէն կենդանիներ կը հաւաքէ, Փամ եւ իր հայրը` Տունունկ, կը սուզուին ջուրին տակը իրենց նիզակներով մօտաւորապէս 50 սմ երկար եւ պզտիկ ճերմակ շանաձուկեր որսալու:

Շատ պարզ տուն մը

Ընտանիքը կ՛ապրի Տունունկի կողմէ ջուրին վրայ շինուած տան մը մէջ: Փամ, իր ընտանիքը, հօրեղբայրը, հօրաքոյրը եւ մեծ հայրը, մեծ մայրը միասին կ՛ապրին մէկ սենեակի մէջ, որ նոյն ատեն թէ՛ իբրեւ ննջասենեակ, թէ՛ իբրեւ հիւրասենեակ, թէ՛ ալ իբրեւ խոհանոց կը ծառայէ: Միայն մեծ հայրն ու մեծ մայրը ունին անկողին մը, միւս բոլորը կը պառկին գետինը, խսիրներու վրայ:

Նաւուն վրայ

Երբ եղանակը արտօնէ, քաթալէները կ՛երթան իրենց նաւով` քապանկով: Նաւուն վրայ անոնք ունին իրենց անհրաժեշտ առարկաները` կրակ վառելու, որսալու եւ ճաշ եփելու համար. նաւը իսկական ծփացող տուն մըն է: Անոնք ծովածոցէ ծովածոց շրջելով` խեցեմորթեր կը փնտռեն եւ կը հանդիպին ուրիշ մոքեններու: Անոնք վերջապէս կը վերագտնեն իրենց նախասիրած կեանքը: Անոնց համար ծովուն առաջնորդութեամբ ովկիանոսներուն վրայ այսպէս շրջիլը իսկական ազատութիւն է:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿԻՆՔԸ ԿԱՊՈՅՏ Է

Երկինքը երբեմն մոխրագոյն է, երբեմն ճերմակ եւ երբեմն նոյնիսկ` սեւ. սակայն, երբ ամպերը կը հեռանան, անիկա կապոյտ գոյն մը կը ստանայ: Եթէ դուն արդէն օդանաւով ճամբորդած ես, վստահաբար նշմարած ես, որ երբ ամպերու խաւէն վեր կը բարձրանանք, երկինքը միշտ կապոյտ կը մնայ: Ուրկէ՞ կու գայ այս գոյնը:

Երկրագունդը լուսաւորող լոյսը կու գայ արեւէն: Այս լոյսը ճառագայթում մըն է, որ կազմուած է ծիածանին եօթը գոյներէն` կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, ինտիկօ եւ մանիշակագոյն: Այս բոլոր գոյներուն խառնուրդը մեզի կու տայ ճերմակ լոյս մը:

Ըստ իրենց գոյներուն, ճառագայթները աւելի դիւրութեամբ կամ դժուարութեամբ կը թափանցեն մեր մոլորակը շրջապատող օդի խաւը, մթնոլորտը: Տաք գոյները, այսինքն կարմիրը, նարնջագոյնը, դեղինը եւ կանաչը աւելի դիւրութեամբ կը թափանցեն երկրագունդի մթնոլորտ: Ապա անոնք «կը ծծուին» երկրագունդին կողմէ: Հետեւաբար մենք զանոնք չենք տեսներ:

Մինչ պաղ գոյները, այսինքն կապոյտը, ինտիկոն եւ մանիշակագոյնը նուազ դիւրութեամբ կը թափանցեն օդին մէջ: Անոնք մթնոլորտին մէջ կը սփռուին գետին հասնելէ առաջ: Այս պատճառով է, որ մենք երկինքը կապոյտ կը տեսնենք:

Իսկ ինչո՞ւ արեւը դեղին է

Իրականութեան մէջ արեւը ճերմակ է: Աստղանաւորդները կրնան հաստատել ասիկա. երբ անոնք մթնոլորտէն անդին կ՛անցնին, արեւը դեղին չ՛երեւիր, այլ` ճերմակ: Իսկ մենք արեւը դեղին կը տեսնենք, որովհետեւ այս գոյնը կը յառաջանայ, երբ բոլոր գոյները, բացի կապոյտէն, որ երկնքին մէջ կը սփռուի, իրարու կը խառնուին:

 

ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԵՐԸ

Կենսանիւթերը անհրաժեշտ են մեր մարմնի լաւ աշխատանքին համար: Մեր մարմինը, Տէ. կենսանիւթէն զատ, չի կրնար զանոնք մինակը արտադրել: Ան այդ կենսանիւթերը կը գտնէ ուտելիքներուն մէջ: Հետեւաբար ամէն տեսակի բաներ ուտելով է, որ մենք օրական մեզի անհրաժեշտ կենսանիւթի բաժինը պիտի գտնենք:

***

Կենսանիւթը քիմիական նիւթ մըն է, որ մեր մարմինը պէտք ունի ճիշդ կերպով իր «աշխատանքները» կատարելու համար: Մարմինը չի գիտեր զանոնք մինակը պատրաստել եւ ստիպուած է զանոնք առնելու ուտելիքներուն մէջէն: Երբեմն մենք կենսանիւթի պակաս կրնանք ունենալ, եւ կարգ մը կենսանիւթերու պակասը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ մեր առողջութեան վրայ:

***

Ո՞ւր կարելի է գտնել – ինչի՞ կը ծառայէ…

– Ա. կենսանիւթ

  • Կարագ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնեղէն, ստեպղին, մանկա…
  • Ոսկորներուն եւ ակռաներուն կազմաւորում, մորթի եւ մազերու առողջութիւն

– Պէ.1 կենսանիւթ

  • Բրինձ, հացահատիկներ, ձուկ, լեարդ, ընկոյզ…
  • Ջղային դրութեան լաւ բանում

– Պէ.2 կենսանիւթ

  • Կաթ, լեարդ, հաւկիթ, կանաչ բանջարեղէն…
  • Բերնին, լեզուին եւ մորթին առողջութեան համար

– Սէ. կենսանիւթ

  • Պտուղներ (քիուի, նարինջ…) եւ բանջարեղէններ (պղպեղ, պրոքոլի…)
  • Արեան երակներու, լինտերու, ակռաներու առողջութիւն, հիւանդութիւններու դէմ պաշտպանութիւն…

– Տէ. կենսանիւթ

  • Իւղոտ ձուկ (օրինակ` լոսդի), կաթ, հացահատիկներ, ձուկի իւղեր…
  • Ոսկորներու եւ ակռաներու կազմաւորում եւ առողջութիւն…

– Ը. կենսանիւթ

  • Բուսական իւղեր, մարկարին, ընկոյզ, չոր լուբիայ, կանաչ բանջարեղէններ…
  • Նոր բջիջներու աճում, հին բջիջներու առողջութիւն եւ ծերացումի դանդաղեցում:

 

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

  • Որն է մարմնին ամէնէն աղտոտ բաժինը:

– Ձեռքերը, որովհետեւ անոնք յաճախ մանրէներով լեցուն առարկաներու կը դպնան: Այս պատճառով մենք պէտք է շատ լաւ եւ յաճախ լուանք մեր ձեռքերը:

  • Գետնառիւծին աչքերը:

Գիտէի՞ր, թէ գետնառիւծին աչքերը կրնան, իւրաքանչիւրը իր կողմէն, բոլոր ուղղութիւններով դառնալ: Ասիկա շատ գործնական է իր որսերը կամ զինք որսացող անասունները անմիջապէս տեսնելու:

  • Սիրելի նամակ…

Աշխարհի ամէնէն սուղ դրոշմաթուղթը շուէտական դրոշմաթուղթ մըն է: Տպագրութեան սխալ մը զայն հազուագիւտ դարձուցած է: Անիկա աճուրդով ծախուեցաւ 1,6 միլիոն եւրոյի:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շնիկները:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԾՈՎԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՆ. ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՈՒՄ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.