Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող սպանացի միջնապահ Սաուլ Նիկուես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ լոնտոնեան Չելսիի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիրը` Չելսի, որ տարիով մը փոխ առաւ 26 տարեկան ֆութպոլիստը, անոր փոխանցման իրաւունքը գնելու կարելիութիւնը ունի:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, անգլիական ակումբը պիտի վճարէ 35 միլիոն եւրօ` անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար:
Սաուլ, որ 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանին, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ մասնակցեցաւ 41 մրցումի:



