Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Ու Տնտեսական Մտավախութիւններու Մթնոլորտին Մէջ. Յառաջիկայ Օրերը Վճռորոշ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

August 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ  տարիէ մը ի վեր գործօն կառավարութեան բացակայութիւնը առաւել եւս կը բարդացնէ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական եւ առնչակից մտահոգութիւնները, որոնց ամէնէն վտանգաւորը կը թուի ապահովական բռնկումի վտանգը: Հոսկէ` պատկան պատասխանատուներու հապճէպ «շարժումը» իր սաղմին մէջ ճզմելու զգայուն կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական խլրտումներ հրահրելու փորձերը:

Այս իմաստով ուշագրաւ էր շաբաթավերջին հարաւային Մաղտուշէ-Անքուտ շրջաններուն միջեւ ծագած միջադէպը, ուր, ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Անքուտի շրջանէն կարգ մը զինեալներ դանակոծած են Մաղտուշէի բնակիչներէն ոմանց, ինչպէս նաեւ` պղծած են շրջանի մէկ յուշակոթողը: Ապահովական ուժեր, յատկապէս լիբանանեան բանակը, փութացին շրջան` որոշ հանդարտութիւն հաստատելով:

Շրջանին մէջ գործող զանազան կողմերու պատասխանատուներ եւ մարմիններ («Ամալ» շարժում, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն եւ այլն) իրենց կարգին փութացին դատապարտել պատահած միջադէպը,` կոչ ուղղելով ապահովական ուժերուն անյապաղ միջամտելու: Աւելի՛ն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի թելադրանքով, «Ամալ» շարժումի մշակութային հարցերու պատասխանատու շէյխ Հասան Ապտալլա այցելած է Մաղտուշէ եւ հանդիպում ունեցած տեղւոյն հոգեւոր առաջնորդներուն, յատկապէս` Սայտայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլի Հատտատ եպիսկոպոսին հետ` կացութիւնը հարթելու համար:  Մինչ այդ, Անքուտի  բնակիչներէն ոմանք որոշ ժամանակով փակած են զիրենք Մաղտուշէին միացնող կարգ մը  ճամբաները:

Կոչերը Կը Շարունակուին

Այս մթնոլորտին մէջ պատկան մարմիններ եւ ղեկավարներ կրկնեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայականի իրենց կոչերը` միաժամանակ դատապարտելով եւ քննադատելով «թերացող» պատկան պատասխանատուները:

Այս իմաստով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտ քայլերու պահանջը: Պատրիարքը շեշտեց պատասխանատուներու եւ ժողովուրդին միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան ու հաշտութեան մթնոլորտի ամրագրումը դատապարտելով ճամբաներու փակումը: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ու՞ր հասան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութեան քայլերը` շեշտելով անխտիր դատական հայցով պահանջուող բոլոր պատասխանատուներու ներկայութիւնը դատական պատկան մարմինին: Ռայի պատրիարը նաեւ կոչ ուղղեց դատական մարմիններուն` շարունակելու իրենց ճիգերը եւ հետապնդելու ժողովուրդին օրապահիկին ու առողջութեան վնասող բոլոր «փտած» պատասխանատուները:

Նոյն ծիրին մէջ, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ  Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը քննադատեց «թերացող» պատասխանատուները` շեշտելով, որ իսկական պատասխանատուն ան է, որ լուռ ու մունջ կ՛աշխատի ի սպաս իր երկրի բարօրութեան ու ծառայութեան` քաջ գիտակցելով իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:

Այս ծիրին մէջ նոյնքան մտահոգիչ էին նաեւ արտաքին պատասխանատուներու ահազանգային յայտարարութիւնները Լիբանանի առողջապահական թէ տնտեսական ու ապրուստի պայմաններուն գծով: Անոնք եւս շեշտեցին ապահովական «ցնցումներու» կանխարգիլման ճիգերուն առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը:

Ծանօթ է, որ յատկապէս վերջին շրջանին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ կը կրկնուին նման միջադէպեր, մերթ պենզինի ապահովման առաջնահերթութեան պատրուակով, մերթ հացի եւ այլ զանազան պատրուակներով: Երեւոյթ մը, որ շարունակուելու եւ ծաւալելու պարագային կրնայ վտանգել ամբողջ Լիբանանի կայունութիւնը:

Այս իրողութեան բնականաբար իրազեկ են քաղաքական պատկան կողմեր, առ այդ սերտ ճիգերը կը շարունակուին, քուլիսային թէ խորհրդականներու մակարդակով կազմելու համար այս ու յարակից հարցերու «լուծման» նախաքայլը նկատուող կառավարութիւնը: Այս իմաստով կը թուի,  թէ տակաւին կան առնուազն չորս առկախ «թնճուկներ», որոնց հարթումին գծով տարուող ճիգերուն մէջ ուշագրաւ էր Ընկերվար յառաջդիմական ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի տեսակցութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ըստ իրազեկ ու հաւաստի աղբիւրներու, յառաջիկայ քանի մը օրերը, եթէ ոչ ժամերը, վճռորոշ են կառավարութեան կազմութեան գծով, եւ կը նախատեսուի սպիտակ ծուխի մօտալուտ «յայտնութիւնը»:

 

Նախորդը

Մթէյնի Մէջ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հովանաւորեց «Քրոս Քար»-ի Մրցաշարքը

Յաջորդը

«Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Կարեւոր Գործընկերն Է» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.