Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզը, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայրենի խումբը, որ երթին Սկովտիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, չկրցաւ յաղթահարել Սկովտիոյ ախոյեանին արգելքը եւ անոր հետ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Ալաշկերտ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ պրազիլցի յետսապահ Ճէյմս 40-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:



