Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախը Երբեք Չի Կրնար Ըլլալ Ազրպէյճանի Մաս, Ասիկա Բացառուած Է»

August 19, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր մտահոգութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակներու շուրջ չեն փարատած»: Այս մասին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ սահմանային իրավիճակին շուրջ փակ քննարկումին:

Իշխան Աաղաթէլեան ընդգծեց, որ իրենց մտահոգութիւնները պայմանաւորուած են սահմանային իրավիճակի լարուածութեամբ:

«Արդէն քանի ամիս է, թշնամին երկու ուղղութիւններով ներխուժած է Հայաստանի սահմաններէն ներս, այս ժամանակահատուածին մէջ ունեցած ենք գերիներ, զոհեր, երէկ եւս զոհեր ունեցանք: Այս բոլորին հետ կապուած` «Հայաստան» խմբակցութիւնը պահանջած էր հանդիպում, որ տեղի ունեցաւ: Պարզապէս անիկա տեղի ունեցաւ փակ գաղտնի պայմաններու մէջ, շատ բաներ չեմ կրնար ըսել: Ինչ կը վերաբերի մեր մտահոգութիւններուն, անոնք չեն կրնար փարատիլ, որովհետեւ գրեթէ ամէն օր կ՛ունենանք զոհեր, կրակոցներ, եւ թշնամին կը շարունակէ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ըստ ազգային ժողովի փոխնախագահին, քննարկման ժամանակ հնչեցուցած են բազմաթիւ հարցեր, որոնց պատասխանները ստացած են, մէկ մասը եղած է տեղեկատուական, որոշ հարցեր ալ հասկնալի պատճառներով չեն մեկնաբանուած:

«Կը կարծեմ` նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւն միշտ կայ, աւելի բարձր մակարդակով պէտք է ըլլան այս հանդիպումները: Մեր մնացած բոլոր մտահոգութիւնները` Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, չեն փարատած», շեշտեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի յայտարարութեան` Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» ճանաչման դիմաց` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման մասին` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ փակ քննարկման ժամանակ այդ հարցը չեն քննարկած:

«Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի մաս, ասիկա բացառուած է: Բնականաբար, օգտուելով իրավիճակէն, թշնամի երկրի ղեկավարը պիտի փորձէ ճնշումներու միջոցով հասնիլ իր ուզածին: Թշնամիին ուզածն ու նպատակը ակնյայտ են, հարցը այն է, թէ մենք ի՛նչ կ՛ուզենք, ինչպէ՛ս այդ բոլորին կը պատրաստուինք, ինչպէ՛ս կը դիմագրաւենք, ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկենք, սեղանին վրայ ի՛նչ փաթեթ դրուած է, ո՛րն է մեր տեսակէտը եւ այլն», նշեց Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

 

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամները

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Փակ Քննարկում Կատարեց Սահմանին Իրադրութեան Վերաբերեալ. Զինուած Ուժերը Կը Վերահսկեն Երկրի Սահմաններուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.