Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳՈՐԾԱԿՑԱԲԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ («ԷԼ. ԷՅ. ԵՈՒ.») ՆՈՐԱԿԱԶՄ «ՀԻՒՄԱՆԻԹԱՍ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲ

February 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեմինարին մասնակիցները (Լուսանկարը` ՆԱՐԵԿ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆի)

Գործակցաբար Լիբանանեան-Ամերիկեան համալսարանին («Էլ. Էյ. Եու.»), երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին տեղի ունեցաւ նորակազմ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական կազմակերպութեան երկօրեայ սեմինարի փակման նիստը:

Ներկայութեամբ շուրջ 25 հայ թէ օտար դպրոցներէ ժամանած ուսուցիչներու եւ հրաւիրեալ մասնագէտներու` 7 եւ 8 փետրուարին նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած այս երկօրեայ սեմինարը կը կայանայ նորակազմ «Հիւմանիթաս» կազմակերպութեան անդրանիկ ձեռնարկի ծիրին մէջ:

Առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00 երկարած այս սեմինարը կ՛ընդգրկէր աշխատանքի վարժողական անջատ նիստեր` քննարկելով այլազան նիւթեր, ինչպէս` մանուկներու վարուելակերպի դժուարութեանց առնչուող հարցեր, առանձնայնութիւն (օթիզմ), սորվելու անկարողութիւններ թերաճ մանուկներու յատուկ պարագաներու քննարկում եւ այլն:

Նիւթերը ներկայացուցին Լիբանանէն թէ արտասահմանէն հրաւիրուած հայ եւ ոչ հայ դասախօսներ ու մասնագէտներ, ինչպէս` Պեռնար Մենզինկըր, Նատին Շըհատէ, դոկտ. Շարլ Եագուպ, դոկտ. Ահմետ Օուէյնի, Ռիմ Մուաուատ եւ ուրիշներ:

Նորակազմ այս կազմակերպութեան նպատակին ու առաքելութեան գծով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` «Հիւմանիթաս»-ի նախագահ տոքթ. Կոստան Եափուճեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, քանի մը ամիսներ առաջ հիմնուեցաւ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական այս կազմակերպութիւնը (NGO), որուն նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական թէ այլ կարիքներուն` ձեւով մը ամբողջացնելով հայկական հասարակական, բարեսիրական, կրթական թէ ընկերային այլ կազմակերպութեանց գործունէութիւնը: Կոստանեան յստակացուց, որ կազմակերպութիւնը տակաւին իր գործունէութեան սկզբնական փուլին մէջ է, եւ այդ գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն գծով հետագային մանրամասն անդրադարձ պիտի կատարուի մամուլով:

Հիմնադիրներու թէ կազմի մասին հարցումի մը պատասխանելով, «Հիւմանիթաս»-ի նախագահ տոքթ. Կոստան Եափուճեան յայտնեց, որ իր կողքին կան նաեւ հիմնադիր այլ մասնագէտներ, ինչպէս` Մհեր Գալենտերեան (սեմինարի համակարգող), Անթուան Գալայճեան (փոխնախագահ), Միհրան Նաճարեան, Սարգիս Սերայտարեան, Անի Գալուստ, տոքթ. Դալար Աթեշեան, Ժաքլին Ապունայեան, Մարօ Չուխատարեան, Էլիզապեթ Սիուֆի:

Իր կարգին, երկօրեայ այս սեմինարի գլխաւոր համակարգող Մհեր Գալենտերեան «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով յայտնեց, որ «Հիւմանիթաս»-ի անդրանիկ այս ձեռնարկը արգասիքն է եռամսեայ նախնական հաղորդակցութեանց եւ նախապատրաստական բազմաթիւ հանդիպումներու ու նիստերու: Գալենտերեան մեծ յոյս յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը շուտով կը պաշտօնականանայ եւ իր գործունէութեամբ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ` իր խոր հաւատքն ու համոզումը յայտնելով` ազգօգուտ քայլ մը իրագործելու գծով ընդառաջող ազգայիններու գոյութեան: «Անպայման նիւթական օժանդակութիւն չէ մեր առաքելութիւնը, այլ` մասամբ օգտակար դառնալ մեր գաղութին` փորձելով ամոքել անոր «ցաւ»-երը», ընդգծեց Մհեր Գալենտերեան:

Իր կարգին, «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան խոր գոհունակութիւն յայտնեց ձեռնարկին գծով, որ «առիթ ընծայեց ներկաներուն մօտէն ծանօթանալու եւ իմանալու թերաճ մանուկներու անկարողութեանց առնչուող հարցերուն, ինչ որ առաւել եւս շեշտեց այս գծով գործող «Զուարթնոց» կեդրոնին կարեւորութիւնը:

Սեմինարի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագիր-վկայականներ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃԻ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՀՈԳԵԿԱՆ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.