«Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «սփիտ թեսթ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումին տիրացողը հանդիսացաւ լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-6»-ի հետ արձանագրեց` 1’50”82 արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Փոլ Քըսէյֆի («Էվօ-9», 1’53”73), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ժան Պիրի («Էվօ-7», 1’56”46):
Նշենք, որ «սփիտ թեսթ»-ի 4-րդ հանգրուանի այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին` 67 ինքնաշարժներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին կողմէ:




