Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1558 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Պուրաուի Իմամը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը այն է, որ կարգ մը լիբանանցիներու պատկանելիութիւնը ամբողջութեամբ Լիբանանի հանդէպ չէ:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան եւ իրաքեան Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ Աշուրայի սգատօնի երեկոներուն ընթացքին պէտք է կառչած մնալ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարի նախազգուշութիւններուն` աւելցնելով, որ այլապէս պիտի ստիպուին այդ հաւաքները ջնջել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վարուելակերպը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ դրական է եւ նախկինէն տարբեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կրնայ լիբանանցիներուն ցաւերն ու տառապանքը մեղմացնել, եթէ Կեդրոնական դրամատունը համաձայն գտնուի դեղորայքի, մազութի եւ տարրական կարիքներու համար օժանդակութեան գումարներ տրամադրել:

«ՍՓԻՆԻԶ» հանրախանութի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Հասսան Իզզէտտին հաստատեց, որ միջին դասակարգը ընկերային ապահովութեան եւ տնտեսութեան անիւի շարժակին հիմնասիւնն է: Ան կոչ ուղղեց մշակելու փրկութեան այնպիսի ծրագիրներ` արգիլելու համար այդ հիմնասիւնին փլուզումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իր պաշտօնակիցին` զօր. Ղանեմ պըն Շահին Ալ Ղանեմի հետ: Քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

 

Նախորդը

Մտորումներ. Երնէ՜կ «Սեւր»-ին Ափսո՛ս «Արցախ»-ին (101-Ամեակ)

Յաջորդը

Կիլատ Էրտան. «Հըզպալլայի Վարուելակերպը Պիտի Առաջնորդէ Լիբանանի Քանդումին»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.