Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Առաքելութեան Ձախողութեան Մասին Մեղադրանքներուն. Պլինքըն Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկեան Առաքելութեան Յաջողութիւնը Կը Յայտարարէ

July 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ ամերիկացի զինուորները մեծ մասամբ յաջողած են իրագործել Աֆղանիստանի համար դրուած նպատակները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք Աֆղանիստանի մէջ մեր նպատակներու իրագործման հարցին մէջ մեծ մասամբ յաջողութեան հասած ենք, սակայն այդ երկրին մէջ տագնապը զինուորական լուծում չունի», «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Պլինքըն:

Յիշեցնենք, որ Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան «Փի.Պի.Էս.Նիուզ Աուր» հաղորդման տուած հարցազոյցին մէջ քննադատած էր Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը` նշելով, որ ամերիկեան կողմը Թալեպան շարժման հետ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու հարցին մէջ ձախողած է:

«Կը կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ ձախողած են: Սկիզբը կը փորձէին Աֆղանիստանի մէջ գտնել զինուորական լուծում, որ ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ վերջապէս եկած են այն եզրակացութեան, որ զինուորական լուծում չկայ:

Իմրան Խան նշած էր, որ քաղաքական լուծում գտնելու ճիշդ ժամանակը այն պահն էր, երբ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի 150 հազար զինուոր կար, իսկ զօրքերու կրճատումն ու հեռացման ժամկէտներու սահմանումը թալեպաններու կողմէ ընկալուած է իբրեւ յաղթանակ: Փաքիստանի վարչապետը նշած է, որ այժմ փոխզիջումի դիմելը աւելի բարդ պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ Պլինքըն չորեքշաբթի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ հասած էր Քուէյթ` երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 50-ամեակին առիթով: Քուէյթի ՔՈՒՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ան հինգշաբթի օր բանակցութիւններ վարած է Քուէյթի իշխանին հետ, որմէ ետք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Քուէյթը կը համագործակցին աֆղան ժողովուրդին օգնութիւն ցուցաբերելու եւ շրջանային կայունութեան աջակցելու հարցին մէջ:

 

Նախորդը

128 Մեթր Տրամագիծով Երկնաքար Մը Կը Մօտենայ Մեր Մոլորակին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հրդեհներուն Համար Կը Մեղադրուի ՔԱԿ-ը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.