Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանարի Մէջ Ընթացք Առաւ Լէյլաւանի Ամառնային Դպրոցը

July 27, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, 19 յուլիս 2021-ին ընթացք առաւ Լէյլաւանի ամառնային դպրոցը: Այս առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանը յոյս յայտնեց, որ Լէյլաւանի առաջին ամառնային դպրոցին մէջ մեր փոքրիկները կ՛անցընեն ուրախ, հաճելի եւ դաստիարակիչ պահեր: Տեմիրճեան հաստատեց, որ ծրագիրին կը հսկեն մասնագէտ ուսուցիչներ եւ փորձառու պատասխանատուներ, որոնք իրենց կարելին պիտի կատարեն` ստեղծելու առողջ եւ ապահով միջավայր մը: Րաֆֆի Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութեան, որուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան շնորհիւ ամառնային ծրագիրը դարձաւ իրականութիւն:

Իր կարգին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութեան ներկայացուցիչ Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեանը նշեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ` փոքրիկներուն պարգեւելու ուրախութիւն եւ հասնելու կարիքներուն: Ան մաղթեց, որ ամառնային ծրագիրը իր նպատակներուն կը ծառայէ, եւ այս առնչութեամբ հաստատեց, որ հաստատութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով կը զօրակցի Լէյլաւանի ամառնային ծրագիրի յաջողութեան:

Ապա ամառնային դպրոցի ընդհանուր պատասխանատու Սանահին Թովմասեան ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, կանոնները եւ ընթացքը: Բացման արարողութենէն ետք աշակերտները Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի ձեռամբ ստացան ս. հաղորդութիւն, որմէ ետք ընթացք առաւ ամառնային ծրագիրը:

Յայտնենք, որ ամառնային դպրոցին կը մասնակցին 5-13 տարեկան 45 փոքրիկներ, որոնք երգի, պարի, գծագրութեան, ձեռայինի, մարզանքի, քունկ ֆուի, լեզուներու, հոգեւոր դաստիարակութեան, ֆիլմի եւ այլ պահերու ընթացքին պիտի հետեւին յստակ ծրագիրի: Մասնակցողները շաբաթական դրութեամբ նաեւ պիտի ունենան արտադասարանային ծրագիրներ եւ այցելութիւններ:

Նախորդը

Ռուսիոյ Նախագահ Փութինի` Պատմութեան Վերադառնալու Շահեկան Ելոյթները Եւ Հայկական Դիւանագիտութեան Ու Մամուլին Անհաւատալի Անտարբերութիւնը

Յաջորդը

Հայրենի Յուշեր (16)

RelatedPosts

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն
Գաղութային

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

October 21, 2026
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.